ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
The Armenian's of KUWAIT e-magazine, circulates every FRIDAY. Est. 2009
ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ ՀԵՏԵՒԵՑԷ՛Ք ՄԵՐ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԿԱՅՔԷՋԵՐՈՒՆ ՄԻՋՈՑՈՎՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՁԵՐ ԳՈՎԱԶԴԸ ՄԵՐ ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԱԴՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԵՒ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՏԵՂԵԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿՐՆԱՔ ԴԻՄԵԼ
[email protected] cell: 00965-94422576 |
Պատմական Աննախընթաց Երեկոյ Մը Քուէյթահայութեան ՀամարՍրբազան Հայրն ու ՀՀ դեսպանը Շէյխա Ֆարիհային յուշանուէր յանձնաժ պահուն
Հինգշաբթի, 29 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, առաջին անգամ ըլլալով,
պաշտօնական այցելութեամբ Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին ժամանեց շէյխա Ֆարիհա Ալ Ահմետ Ալ Ժապեր Ալ Սուպահ: Շէյխա Ֆարիհան հարազատ քոյրն է Քուէյթի մեծաւոր Շէյխ Սապահ Ալ Ահմէտ Ալ Ժապեր Ալ Սուպահին: Շէյխա Ֆարիհան միջազգային համբաւի արժանացած անձնաւորութիւն է: Ըլլալով Քուէյթի Ալ Սուպահ ընտանիքի կարեւոր անդամներէն մին` ան բազմաթիւ բարեգործական եւ մարդասիրական ծրագիրներ հովանաւորած է Քուէյթի մէջ, Եւրոպայի տարածքին եւ այլուր: Յատկապէս Քուէյթի մէջ, շէյխա Ֆարիհան մօտիկ յարաբերութիւններ կը պահէ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն հետ, կը պաշտպանէ անոնց իրաւունքները եւ անձնական օժանդակութիւններով սատար կը հանդիսանայ անոնց աշխատանքներուն: Տարիներ առաջ Շէյխա Ֆարիհան ստացած է «Օրինակելի մայր» տիտղոսը, որով ծանօթ է աշխարհին: Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային պաշտօնական ընդունելութիւնը` գլխաւորութեամբ Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանին եւ Ազգային վարչութեան ու ազգային մարմիններու կազմերուն: Ընդունելութեան պահուն Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ բակը հաւաքուած էր խուռներամ բազմութիւն մը: Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն կողքին, ներկայ էին` ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը, սկաուտական շարքերը, Ազգային Վարժարանի ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը: Հայկական աւանդութեան համաձայն, եկեղեցւոյ մուտքին հիւրը դիմաւորուեցաւ աղ ու հացով, ծաղկեփունջով: Ապա, փողերախումբի նուագակցութեամբ, ան առաջնորդուեցաւ դէպի շրջափակ: Քուէյթի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներու ուկնդրութենէն ետք, համայնքին անունով արաբերէն խօսք արտասանեց Տոքթ. Ժան Պէպէճեան, ապա, ՀՄԸՄ-ի կրտսեր խումբերը երգեցին Քուէյթի նուիրուած արաբերէն երգեր: Այնուհետեւ հիւրը առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ յատուկ արարողութիւն. ապա հիւրը առաջնորդուեցաւ «Արագած» սրահ, ուր, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, Ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Մունիր Դարբինեան պաշտօնապէս հիւրին առաջարկեց նաեւ առիթով մը այցելութիւն մը շնորհել նաեւ Վարժարանին: Նոյն օրը երեկոյեան, «Շերաթոն» պանդոկի ճաշասրահներէն մէկուն մէջ, ի պատիւ շէյխա Ֆարիհային, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք: Այս առթիւ, պատրաստուած էր գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ սկսաւ Քուէյթի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգներով: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ազգային վարչութեան ատենապետ Կոստանդին Մոմճեան: Օրուան հանդիսավարն էր Արշօ Պեքմեզճեան: Ցուցադրուեցաւ «Քուէյթահայ գաղութի կազմութեան պատմական ակնարկ» խորագիրով խտասալիկ մը, որմէ ետք, դաշնամուրի նուագակցութեամբ յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Փաթիլ Զաքարեան եւ տոքթ. Ռազմիկ Պէպէճեան: Կարճ դադարէ ետք ցուցադրուեցաւ շէյխա Ֆարիհայի կեանքն ու ընկերային, մշակութային, կրօնական եւ բարեսիրական մարզերուն մէջ անոր ունեցած գործունէութիւնը խտացնող վաւերագրական տեսերիզ մը, ապա Ճորճ Սալամէ, իր հեղինակած եւ շէյխային նուիրուած բանաստեղծութիւնը արտասանելով` մեծապէս ոգեւորեց ներկաները: Յայտագրի աւարտին բեմ բարձրացան Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան` Ֆատէյ Չարչօղլեան եւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Իր խօսքին մէջ սրբազան հայրը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ անցնող շուրջ 60 տարիներու ընթացքին Քուէյթի մէջ ծաւալած ազգային եկեղեցական կեանքին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի ղեկավարներուն, որոնք ոչ միայն խաղաղօրէն ապրելու եւ գործելու կարելիութիւններ կը ստեղծեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, այլ նաեւ առիթ եւ պայմաններ կ՛ընծայեն, որ հայութիւնը ապրի իր ազգային աւանդներով ու պահէ իր կրօնական ինքնութիւնը: Սրբազան հայրը նաեւ շէյխայէն խնդրեց, որ կարեւորութեամբ նկատի ունենայ համայնքին կարիքները եւ դիւրացնէ սեփական եկեղեցի մը ունենալու հնարաւորութիւնները: Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ շէյխա Ֆարիհան: Անդրանիկ եւ պատմական այս այցելութեան առթիւ սրբազան հայրը շէյխային նուիրեց պատմական Հայաստանի տեսարժան վայրերուն լուսանկարները պարունակող «Երկիր» գեղատեսիլ ալպոմը, իսկ Հայաստանի դեսպան Չարչօղլեան անոր յանձնեց յատուկ կերպով պատրաստուած յուշանուէր մը: Պահը հասած էր լսելու շէյխա Ֆարիհայի սրտի խօսքը: Ան ոգեւորուած օրուան մթնոլորտէն` նախ իր երախտագիտական խօսքերը փոխանցեց բոլոր ներկաներուն` իրենց ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան համար. ապա հաւաստիացուց, որ հայերուն նկատմամբ միշտ ունեցած է մեծ սէր եւ վստահութիւն եւ պատրաստ է օժանդակելու համայնքի կարիքներուն: Ան իր խօսքը եզրակացուց` յայտարարելով. «Ճիգ պիտի չխնայեմ հայ եկեղեցւոյ հողային հարցը լուծելու համար: Կը խոստանամ, որ կարելիս պիտի ընեմ, մինչեւ որ համայնքը իր եկեղեցական կարիքներուն համար, տէրը դառնայ հողաշերտի մը: Անականկալ եւ անսպասելի այս յայտարարութեան իբրեւ արդիւնք, սրահը թնդաց ծափահարութիւններով: Ներկաները յոտնկայս ողջունեցին շէյխա Ֆարիհային սրտբաց եւ անմիջական արտայայտութիւնները եւ հիւրը շրջապատելով` անոր հետ ունեցան մտերմիկ զրոյց: Հարկ է նշել, որ յաջորդող օրերուն պաշտօնական այս այցելութեան մասին լայնօրէն անդրադարձան Քուէյթի տեղական մամուլն ու հեռատեսիլը: ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԿԵԱՆՔԸ«ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. 5000-ԱՄԵԱՅ ... և 20-ԱՄԵԱՅ» ԽՈՐԱԳՐՈՎ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ II ՄՐՑՈՅԹ-ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ
YOUR AD HERE?
|
Մայիսեան
|