ԵԿԵՂԵՑԻ
|
ՎԱՐԺԱՐԱՆ
|
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Դատաւոր Նորպէրթօ Օժարպիտէ Ցեղասպանութիւնը դատապարտող վճիռը ներկայացուց հայ համայնքին
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ»).- Արժանթինեան դատաւոր Նորպերթօ Օժարպիտէի 1915-1923ի Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայ բնակչութեան տեղահանումն ու ջարդերը «ցեղասպանութիւն» որակող վճիռը հայ համայնքին ներկայացուեցաւ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6ին, երբ «Սիրանուշ» սրահին մէջ համախմբուող ներկաները, հրաւիրեալներն ու հայ թէ օտար լրագրողները ընդառաջեցին սոյն դատական գործը նախաձեռնող Լուիսա Հայրապետեան Հիմնարկի հրաւէրին։
Նախապէս, տոքթ. Նորպերթօ Օժարպիտէ հանդիպեցաւ հրաւիրուած դիւանագէտներու, բարձր պաշտօնեաներու, նախկին նախարարներու, կղերականներու եւ համայնքային ղեկավարներու հետ, Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանի սրահը, որմէ ետք բոլորը միասին ուղղուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար, ուր Առաջնորդ Տ. Գիսակ արք. Մուրատեան օրհնութեան աղօթք մատուցեց։
Երբ ժամը 20ին դատաւոր Օժարպիտէ մուտք գործեց «Սիրանուշ» սրահ, զինք ընդունեց հոծ բազմութեան բուռն ծափահարութիւնը։ Աւելի քան երեսուն վայրկեան, տոքթ. Օժարպիտէ հանդարտ եւ շատ անգամ ալ յուզուած ձայնով կարդաց դատավճիռի սկզբնական բաժինները, հիմնական հատուածները եւ եզրափակումը, այս վերջինը հիմնուած Ապրիլ 24ը ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան «Հանդուրժողականութեան եւ Ժողովուրդներու միջեւ Յարգանքի Օր» յայտարարող Արժանթինի Թիւ 26.199 Օրէնքի վրայ։ Դատաւորի ընթերցումը քանի մը առիթներով ընդմիջուեցաւ, ներկաներուն երախտագիտական ցոյցերով։
Դատական գործը մղող խումբի անունով խօսք առաւ տոքթ. Ֆէտէրիքօ Կայթան Հայպապետեան, որ հակիրճ ձեւով ամփոփեց աւելի քան տասը տարիներու ընթացքին տարուած աշխատանքը, սկսած տոքթ.ա Լուիսա Հայրապետեանի կողմէ, որուն նաեւ մեծարուեցաւ այս առիթով։ Իր մահէն անմիջապէս ետք ստեղծուեցաւ Լուիսա Հայրապետեան Հիմնարկը, եւ դատական աշխատանքը շարունակեցին տոքթ. Ֆէտէրիքօ Կայթան Հայպապետեան եւ տոքթ. Գարլոս Անտրատա, համայնքի կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ, մինչեւ յաջող յաղթանակը։
Ձեռնարկի ընթացքին նաեւ կարդացուեցաւ ստացուած բազմաթիւ շնորհաւորական նամակներ, որոնց կարգին յատկապէս հարկ է նշել Արժանթինի նախագահուհի՝ Քրիստինա Ֆէրնանտէս Քիրչնէրի նամակը, որ ի մասնաւորի շեշտեց դատաւոր Օժարպիտէի վճիռի մէջ Թուրքիոյ կողմէ գործադրած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը։
Վերջաւորութեան, Առաջնորդ Տ. Գիսակ արք. Մուրատեան երախտագիտական խօսքեր արտայայտնեց դատաւոր Օժարպիտէի քաջ որոշումին հանդէպ, եւ «Հայր Մեր»ով, ներկաներուն ընկերակցութեամբ, մեծարուեցաւ մեր նահատակներուն յիշատակը։

ԱՐԺԱՆԹԻՆ
Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութիւնը ներկայ եղաւ Յիշողութեան Օրուայ յիշատակման քայլարշաւին
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ»).- Ամէն տարի, Մարտ 24ին Արժանթինի մէջ կը յիշատակուի Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան Յիշողութեան Օրը, նշուելով 1976էն 1983 թուականներուն միջեւ երկրի մէջ տեղի ունեցած զինուորական բռնատիրական կառավարութեան զոհ գացած նահատակներուն։ Սարսափի եւ անկայունութեան օրեր եղան անոնք արժանթինցիներուն համար, երբ մինչեւ իսկ սովորութիւն դարձած էր քաղաքացիներու առեւանգումն ու նոյնիսկ՝ սպանութիւնը։
Երբ ժողովրդավարութիւնը վերահաստատուեցաւ, ի յայտ եղաւ թէ այդ բոլորը ցեղասպանութիւն եղած էր։ Ու այդ ուղղութեամբ զինուորական խունթաներուն դէմ տեղի ունեցած դատավարութիւնը, որ նախագահեց տոքթ. Լէոն Գարլոս Արսլանեանը, երկրին մէջ արդարութիւն հաստատելու միտումով առաջին քայլը հանդիսացաւ, գաղափար մը որ երկար ժամանակէ ի վեր գոյութիւն չէր ունեցած, ի հետեւանք մինչեւ այդ ժամանակ գործող տէ ֆաքթօ կառավարիչներու աշխատանքին։
Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի երկար տարիներու գիտակից եւ լուրջ աշխատանքին որպէս արդիւնք, վերջապէս նախագահ Նէսթոր Քիրչնէր 2007 թուականին հռչակեց Թիւ 26.199 Օրէնքը, ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ Ապրիլ 24ը հռչակելով «Հանդուրժողականութեան եւ Ժողովուրդներու միջեւ Յարգանքի Օր»։
Հաւատարիմ Մարդկային Իրաւանց եւ հայ ազգի իրաւունքներու վերահաստատման ի նպաստ իր պայքարին, Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութիւնը գործօն մասնակցութիւն բերաւ անցեալ Մարտ 24ին, Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան Յիշողութեան Օրուայ առիթով Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի կեդրոնական փողոցներուն մէջ տեղի ունեցած քայլարշաւին ու ձեռնարկին։ Մեր երիտասարդներուն ներկայութիւնը լայն արձագանգ գտաւ տեղական մամուլին մէջ, որ տարբեր յօդուածներու մէջ ընդգծեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու ժառանգորդներուն մասնակցութիւնը սոյն ձեռնարկներուն։