Յարգելի' ընթերցող, Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնական պարբերաթերթ «Ազդարար»ը արդէն 25 տարեկան է: 25 տարիներ շարունակ «Ազդարար»ը աշխատած է համայն հայութեան ներկայացնել քուէյթահայութեան առօրեան՝ ազգային, մշակութային ու ընկերային գործունէութիւնը: Կը հաւատանք, որ կարելիութեան սահմաններուն մէջ կրցած ենք գոհացում տալ հայ ընթերցողին: Այս առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են մեր ազգանուէր աշխատանքին ու պատշաճ գնահատանքով արժեւորած են«Ազդարար»ի համեստ քայլերը: