|
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ 2Հայ Օգնութեան Միութեան Քուէյթի Մեկուսի Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը Շաբաթ, 28 Յունուար 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6-ին, եկեղեցւոյ նորակառոյց սրահին մէջ, կազմակերպեց դասախօսութիւն մը՝ նիւթ ունենալով Միութենական Կեանքի Օրէնքները: Արդարեւ, ՀՕՄ-ի Քուէյթի Մեկուսի Մասնաճիւղի երկրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Քուէյթի Ազգային վարժարանի տնօրէն՝ ընկ. բժիշկ Մանուկ Մանուկեանը: Դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Նուարդ Մոմճեանը բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հակիրճ ձեւով ներկայացուց դասախօսին կենսագրականը, եւ ըսաւ.- «ընկ. Մանուկ Մանուկեան, որպէս բժիշկ ունի հարուստ գործունէութիւն եւ բազմաբեղուն վաստակ ազգային, միութենական, ուսումնական եւ կազմակերպչական բնագաւառներէն ներս»: Օրուան դասախօսը ընդարձակ կերպով բացատրեց Միութենական կեանքի ընթացքն ու օրէնքները, որմէ ետք, լուսաբանական հարցումներ բարձրացան ՀՕՄ – ՔՄՄ-ի անդամուհիներու կողմէ: Ընկ. Մանուկ համբերութեամբ եւ մանրամասնօրէն պատասխանեց բոլորի հարցերուն: Դասախօսութեան աւարտին մասնաճիւղիս ատենապետուհի՝ ընկհ. Էլիզապէթ Թոգմաքճեանը շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին, որ այս օգտաշատ դասախօսութեամբ լուսաւորեց անդամուհիները: |
|