ՀՅԴ ՔՈՒԷՅԹԻ ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
|
|
Պատանի հողագործնե՛ր ենք մենք
Հինգշաբթի, 7 Ապրիլ 2011-ը անմոռանալի օր մըն էր Քուէյթի Ազգային Վարժարանի վեցերորդ, եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու աշակերտութեան համար:
Առաւօտուն վարժարանի փոխադրական միջոցներով ուղղուեցանք դէպի Ալ-Ապտալի շրջանը, Պրն. Վահէին եւ Պրն. Ղասսանին ընկերակցութեամբ: Ճամբան բաւական երկար էր, սակայն մեզի շա՜տ հաճելի կը թուէր. կը բաւէ, որ դասի մթնոլորտէն դուրս ելած էինք: Բոլորս միաբերան երգեցինք զանազան երգեր. քիչ մը խօսելով ու քիչ մը կատակելով հասանք որոշուած վայրը:
Ճիշդ է, որ երբ փոխադրական միջոցներէն դուրս եկանք յուսախաբ եղանք, որովհետեւ մեր աչքերը ո՛ր կողմը որ դարձնէինք հող կը տեսնէինք, սակայն այդ յուսախաբութիւնը կամաց-կամաց փոխարինուեցաւ մեր հետաքրքրութիւնը արթնցնող հարցումներով՝ թէ ինչու մեզի հոս բերին, ինչ պիտի ընենք արդեօք, ինչ տեսնելու եկանք… եւայլն: Հակառակ որ ընկերային ուսմունքի մեր դասերուն ընդմէջէն սորված ենք , թէ Ալ-Ապտալին Քուէյթի նշանաւոր ցանքի շրջաններէն մէկն է, բայց բնաւ չէինք երեւակայած որ այդպիսին էր:
Շուտով Քուէյթցի մարդ մը դիմաւորեց մեզի: Ան մեր վարժարանին մասին տեղեկութիւններ ստանալէ ետք քաջալերանքի խօսքեր ուղղեց եւ ապա սկսաւ շրջանին եւ ցանքի մասին տեղեկութիւններ տալ: Ետքը ըսաւ թէ մեզմէ կը պահանջուի մեծ թիւով անապատային բոյսի տեսակ ցանել նախապէս փորուած հողային մասերուն մէջ: Ի՜նչ հետաքրքիր արարք. բոլորս ոգեւորուած էինք, որովհետեւ մեզի վստահուած էր կարեւոր գործ մը: Անմիջապէս մեզմէ իւրաքանչիւրը լծուեցաւ աշխատանքի: Անապատային կիզիչ արեւուն տակ զգացինք թէ որքան դժուար ու ծանր գործ է որ կը տանի հողագործը: Մինչ կ'աշխատէինք, մեր քաղցն ու ծարաւը յագեցնելու համար հաց, ջուր, տուրմ եւ օշարակ հիւրասիրեցին մեզի: Որոշ ժամանակ ետք հարցարաններ բաժնեցին, ուրկէ քաղեցինք նոր գիտելիքներ: Իսկ աշխատանքի աւարտին, մարմնապէս յոգնած բայց հոգեպէս ուրախ բարձրացանք փոխադրական միջոցները վերադառնալու մեր շատ սիրելի վարժարանը:
Բոլորիս սրտերը գոհունակութեամբ լեցուած էին, որովհետեւ այդ օր աշակերտ ըլլալէ բացի դարձած էինք մէկական հողագործներ, տարած էինք բնութեան ծառայող աշխատանք եւ մեր աշխատասիրութեամբ օտարին ներկայացուցած էինք մեր վարժարանի փոքրիկ պատկերը:
Կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել վարժարանիս տնօրէնութեան, որ այսպիսի առիթ մը ընծայեց մեզի, որ հաճելի փորձառութիւն մը դարձաւ բոլորիս համար եւ անմոռանալի յուշեր թողեց մեր մտքերուն մէջ:
Յոյսով ենք, որ օրին մէկը մեր հայրենիքի հողերուն վրայ կը տանինք այսպիսի աշխատանք մը, բայց ո՛չ թէ անապատային բոյս, այլ՝ մեր երկիրը աւելի եւս ծաղկեցնող ու գեղեցկացնող նաշխուն ծաղիկներ ու այլ բոյսեր ցանելով:
Կեցցէ՛ Քուէյթի Ազգային Վարժարանն ու աշակերտութիւնը,
կեցցէ՛ մեր հայրենիքը:
Մարինա Մովսէսեան Զ. Կարգ
Աշակերտները հրահանգ կը ստանան